2015-10-08 10:14:00

Եունան Պատրաիրք` ''Մեր ընտանիքները կ՛ապրին հալածանքի վայրերուն մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս օրերուն գումարուած ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի  խորհրդածութեան նիւթ է  նաեւ Միջին Արևելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ ընտանիքներուն ողբերգութիւնը, որոնք ստիպուած եղած են փախչիլ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գոյատեւող պատերազմէն­ ու այսպէս կոչուած իսլամական պետութեան հալածանքներէն, ապաստան գտնելով այլուր։

Չորեքշաբթի 7 հոկտեմբերին, Աուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունեց այնտեղ գտնուող Իրաքցի գաղթական մի քանի ընտանիքներ. Այս առընչութեամբ Ասորի կաթողիկէներու Պատրիարք Իգնատիոս Եուսէֆ Գ Եունանը` Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ ''մեր ընտանիքները կ՛ապրին այն երկիրներուն մէջ ուր կայ հալածանք, քաղաքացիական պատերազմ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։

Մերը մարտահրաւէր մըն է գոյատեւումի – ըսաւ Պատրիարքը -  ընդգծելով թէ ինք չի խօսիր միայն ընտանիքներու կամ անհատներու մասին այլեւ մշակութային ընտանիքի մասին, սուրիական մշակութային ժառանգութեան մասին  որ անհետացումի վտանգի մէջ է։

''Հազարաւոր ընտանիքներ վտարուեցան իրենց հողերէն եւ չեն գիտէր եթէ պիտի կարենան օր մը վերադառնալ այնտեղ։ Գաղթականութիւնը բաժանում կը յառաջացնէ, բազմաթիւ ընտանիքներ բաժնուած են իրարմէ ու ցիր ու ցան եղած են աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ'' նկատել տուաւ  Պատրիարքը ապա  ակնարկելով վերջին այս օրերուն Աուրիոյ վրայ իրագործուած ''օդային հարուածներուն'' ռուսական բանակի կողմէ, Ան հաստատեց թէ այս մէկը անխուսափելի իրականութիւն մըն է, տրուած ըլլալով որ հակառակ կողմը ոչ բանակցութիւն, ոչ երկխօսութիւն եւ ոչ ալ հաշտութիւն կը ճանչնայ։ ''Այս կ՛ըսեմ, ըսաւ Պատրիարքը, յատկապէս Արեւմտեան երկիրներուն. Կարելի չէ երկխօսութիւն հաստատել անձի մը հետ որ քեզ կ՛ուզէ սպաննել։ Հարկաւոր է պաշտպանուիլ ու պաշտպանել ընտանիքները''








All the contents on this site are copyrighted ©.